2009-06-23 13:39:37

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է`


2Փրկի՛ր զիս, Տէ՛ր, քանզի սուրբ չմնաց,

նուազեց ճշմարտութիւնը մարդոց որդիներու մէջ։ 3

Ստութեամբ խօսեցաւ մարդը մարդու հետ,

սրտերը հաղորդակցուեցան նենգ շրթունքներով։

4Տէրը կ՚ ոչնչացնէ բոլոր նենգ շրթունքներն ու լեզուները մեծախօս,

5որոնք ասացին. «Երկարցնենք մեր լեզուները,

մենք շրթունք ունինք, արդ՝ ո՞վ է մեր տէրը»։

6Աղքատի տառապանքին եւ տնանկի հեծութեան համար այժմ ես կ՚ ելլեմ,

- ըսաւ Տէրը, - կը բերեմ իմ փրկութիւնը եւ վստահ կ'ըլլամ անոնց վրայ։

7Տիրոջ խօսքերը սուրբ խօսքեր են, ինչպէս ընտիր ու փորձուած արծաթ՝

եօթնապատիկ մաքրուած եւ զտուած հողէն։

8Դու, Տէ՛ր, պահպանեցիր մեզ

եւ փրկեցիր այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։

9Ամէն կողմ ամբարիշտներ կը շրջին.

քու բարձրութեան համեմատ դու մեծութի՛ւն տուր մարդոց որդիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.